ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ
Գլուխ 5
Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս, Իմ զմուռսս խունկերուս հետ հաւաքեցի, Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ, Իմ գինիս կաթովս խմեցի։ Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ, Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։ ՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԳ
2 Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է։ Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի, Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ Ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով»։
3 Իմ պատմուճանս հաներ եմ, Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ։ Ոտքերս լուացեր եմ, Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ։
4 Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկնցուց Ու անոր համար իմ աղիքս գալարուեցաւ։
5 Ես ելայ, որ իմ սիրականիս բանամ դուռը Ու ձեռքերէս զմուռս ու իմ մատերէս ընտիր զմուռս կաթեցին՝ Փականքը բռնելու տեղին վրայ։
6 Ես իմ սիրականիս բացի, Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր։ Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։
7 Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան, Զարկին վիրաւորեցին զիս։ Պարսպին պահապնները քօղս վրայէս վերցուցին։
8 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, Եթէ իմ սիրականս գտնէք, Անոր ըսէք, թէ ես իր սիրով կը նուաղիմ։
9 Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը, Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի. Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի, Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։
10 Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է, Տասը հազարի մէջ երեւելի է։
11 Անոր գլուխը զուտ ոսկի է, Վարսերը ցրուած ու ագռաւի պէս սեւ են։
12 Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին, Գամուած գոհարներու պէս են։
13 Անոր այտերը համեմներու ածուին Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներու պէս են. Շրթունքները զմուռս կաթող շուշաններ են.
14 Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են՝ Թարսիսի քարերով լեցուած։ Որովայնը բանուած փղոսկր է՝ Շափիւղաներով ծածկուած։
15 Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝ Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած։ Կերպարանքը՝ Լիբանանի պէս, Եղեւիններուն պէս ընտիր է։
16 Անոր քիմքը՝ քաղցր Ու ինք ամբողջ ցանկալի է։ Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։