ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

1 2 3 4 5


Գլուխ 4

Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։
2 Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին։ Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է
3 Եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է։
4 Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։
5 Անոնք աշխարհէն են, անոր համար աշխարհի վրայով կը խօսին եւ աշխարհ մտիկ կ’ընէ անոնց։
6 Մենք Աստուծմէ ենք։ Ան որ Աստուած կը ճանչնայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան որ Աստուծմէ չէ, մեզի մտիկ չ’ըներ. ասով կը ճանչնանք ճշմարտութեան Հոգին ու խաբէութեան հոգին։
7 Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։
8 Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։
9 Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։
10 Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։
11 Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։
12 Մէկը երբեք Աստուած տեսած չէ։ Եթէ մէկզմէկ սիրենք, Աստուած մեր մէջ պիտի բնակի ու Անոր սէրը կատարեալ պիտի ըլլայ։
13 Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգին մեզի տուաւ։
14 Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։
15 Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։
16 Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ։
17 Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։
18 Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։
19 Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։
20 Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։
21 Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։