ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

1 2 3 4 5


Գլուխ 1

Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերովը տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին.
2 (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ.)
3 Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։
4 Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
5 Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։
6 Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր։
7 Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։
8 Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
9 Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։
10 Եթէ ըսենք թէ «Մեղք մը չգործեցինք», ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ։