ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ
Գլուխ 3
Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. ասոր համար աշխարհ մեզ չի ճանչնար, վասն զի զանիկա ալ չճանչցաւ։
2 Սի՛րելիներ, հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է։
3 Ամէն ով որ այս յոյսը անոր վրայ ունի, ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս անիկա մաքուր է։
4 Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է։
5 Եւ գիտէք թէ անիկա յայտնուեցաւ, որպէս զի մեր մեղքերը վերցնէ. բայց իր մէջ մեղք չկայ։
6 Ամէն ով որ անոր մէջ կը կենայ, մեղք չի գործեր. ամէն ով որ մեղք կը գործէ, զանիկա տեսած չէ ու զանիկա ճանչցած չէ։
7 Որդեակներ, մէկը ձեզ թող չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Անիկա արդար է։
8 Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։
9 Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է։
10 Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։
11 Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։
12 Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց։ Ինչո՞ւ համար զանիկա սպաննեց։ Անոր համար որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօրը գործերը՝ արդար։
13 Մի՛ զարմանաք, եղբա՛յրներս, եթէ աշխարհ ձեզ ատէ։
14 Մենք գիտենք թէ մահէն կեանքի փոխուեցանք, վասն զի եղբայրները կը սիրենք. ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ.
15 Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի։
16 Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։
17 Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։
18 Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։
19 Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։
20 Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։
21 Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։
22 Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։
23 Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք, ինչպէս մեզի պատուիրեց։
24 Ան որ պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ ու Աստուած ալ իր մէջ։ Աստուծոյ մեր մէջ բնակիլը կը գիտնանք Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տուաւ։