ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ
Գլուխ 2
Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։
2 Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ։
3 Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։
4 Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
5 Բայց ան որ անոր խօսքը կը պահէ, իրաւցընէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը ու ատով կը ճանչնանք թէ անոր մէջ ենք։
6 Ան որ կ’ըսէ թէ «Անոր մէջ կը բնակի», այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։
7 Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ Հին պատուիրանքը այն խօսքն է, որ դուք սկիզբէն լսեցիք։
8 Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, որ ճշմարիտ է անոր մէջ ու ձեր մէջ. վասն զի խաւարը կ’անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կ’երեւնայ։
9 Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։
10 Ան որ իր եղբայրը կը սիրէ, լոյսի մէջ կը բնակի ու իր մէջ գայթակղութիւն չկայ.
11 Բայց ան որ իր եղբայրը կ’ատէ խաւարի մէջ է ու խաւարի մէջ կը քալէ ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, վասն զի խաւարը անոր աչքերը կուրցուցեր է։
12 Կը գրեմ ձեզի, ո՛րդեակներ, վասն զի ձեր մեղքերը թողուած են անոր անուան համար։
13 Կը գրեմ ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա, որ սկիզբէն է։ Կը գրեմ ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք չարին յաղթեցիք։
14 Կը գրեմ ձեզի, տղա՛քներ, վասն զի դուք ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա որ սկիզբէն է։ Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք։
15 Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։
16 Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։
17 Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։
18 Ո՛րդեակներ, վերջին ժամանակն է ու ինչպէս լսեցիք՝ Նեռը պիտի գայ եւ արդէն շատ նեռեր եկած են, ատկէ կ’իմանանք թէ վերջին ժամանակն է։
19 Մեզմէ ելան ոմանք՝ բայց մեզմէ չէին. վասն զի եթէ մեզմէ ըլլային, մեզի հետ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէս զի յայտնի ըլլայ թէ անոնք ամէնքը մեզմէ չէին։
20 Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք։
21 Չգրեցի ձեզի՝ իբր թէ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, հապա գիտէք զանիկա ու նաեւ թէ՝ ամէն ստութիւն ճշմարտութենէն չէ։
22 Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կուրանայ Հայրն ու Որդին։
23 Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չընդունիր. [բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։]
24 Ուրեմն ինչ որ դուք սկիզբէն լսեցիք, թող անիկա ձեր մէջ բնակի. եթէ այն սկիզբէն լսածնիդ ձեր մէջ բնակի, դուք ալ Որդիին ու Հօրը մէջ պիտի բնակիք։
25 Եւ ասիկա է այն խոստումը, որ ինք ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը։
26 Այս բաները ձեզի գրեցի՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար,
27 Որպէս զի այն օծութիւնը, որ դուք իրմէ ընդունեցիք՝ ձեր մէջ մնայ։ Պէտք չէ որ մէկը ձեզի սորվեցնէ. արդէն նոյն օծութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ ամէն բան որ ճշմարիտ է ու սուտ չէ։ Ինչպէս անիկա ձեզի սորվեցուց, անոր մէջ կեցէք։
28 Ու հիմա, որդեա՛կներ, անոր մէջ կեցէք, որպէս զի, երբ անիկա յայտնուի, մենք համարձակութիւն ունենանք ու անկէ չամչնանք Իր գալու ատենը։
29 Քանի որ գիտէք թէ անիկա արդար է, ուրեմն կ’իմանաք թէ ամէն ով որ արդարութիւն կը գործէ, անկէ ծնած է։