ՏԻՏՈՍ
Գլուխ 3
Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին.
2 Մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։
3 Վասն զի մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ եւ զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու կը ծառայէինք, չարութիւնով ու նախանձով կը վարուէինք, ատելի էինք եւ մէկզմէկ կ’ատէինք,
4 Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ,
5 Ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը։
6 Որը Աստուած առատ թափեց մեր վրայ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին ձեռքով,
7 Որպէս զի անոր շնորհքովը արդարացած՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով ժառանգորդ ըլլանք։
8 Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ կ’ուզեմ որ ասոնք հաստատես, որպէս զի Աստուծոյ հաւատացողները աշխատին բարի գործեր կատարել։ Ասոնք են բարի ու մարդոց օգտակար բաները։
9 Բայց դուն յիմարական վէճերէն ու ազգահամարներէն ու հակառակութիւններէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի՛ կեցիր, վասն զի անօգուտ են ու սնոտի։
10 Հերձուածող մարդէ՝ առաջին ու երկրորդ անգամ խրատելէ յետոյ՝ ետ քաշուէ,
11 Գիտնալով որ այնպիսին խոտորած է եւ մեղք կը գործէ ինքզինք դատապարտելով։
12 Երբ Արտեմանը կամ Տիւքիկոսը քեզի ղրկեմ, ջանա՛ ինծի գալ Նիկոպոլիս, վասն զի միտքս դրի ձմեռը հոն անցնել։
13 Զենաս օրինականը ու Ապողոսը փութով ճամբայ դիր, հոգ տանելով որ անոնց բան մը չպակսի։
14 Եւ մերիններն ալ թող սորվին բարի գործեր ընել պէտք եղած պարագաներուն մէջ, որպէս զի անպտուղ չըլլան։
15 Բարեւ կ’ընեն քեզի ամէնքն ալ որ ինծի հետ են. բարեւ տուր անոնց որ մեզ կը սիրեն հաւատքով։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։