ՓԻԼԻՄՈՆ
Գլուխ 1
Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին կապեալը եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնին՝ մեր սիրելիին ու գործակցին
2 Եւ Ապփիա սիրելիին, Արքիպպոս մեր զինուորակցին ու քու տանդ մէջի եկեղեցիին,
3 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ ՓԻԼԻՄՈՆԻՆ ՍԷՐՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ
4 Կը գոհանամ միշտ իմ Աստուծմէս՝ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով,
5 Երբ կը լսեմ քու սէրդ ու հաւատքդ՝ որ ունիս Տէր Յիսուսին եւ բոլոր սուրբերուն վրայ,
6 Որպէս զի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը պտղաբեր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած բոլոր գործերը ճանչնալով։
7 Քանզի շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունեցայ քու սիրոյդ համար, որով սուրբերուն սրտերը քեզմով հանգստացած են, եղբա՛յր։
8 Ասոր համար թէեւ համարձակութիւն ունիմ Քրիստոսով վայելուչ եղածը քեզի հրամայելու,
9 Բայց յաւէտ սիրով կ’աղաչեմ, այնպիսի մէկը ըլլալով՝ ինչպէս եմ ես՝ Պօղոսս ծերացած ու հիմա Յիսուս Քրիստոսին համար կապուած ալ։
10 Կ’աղաչեմ քեզի իմ որդիիս Ոնեսիմոսին համար, որ իմ կապանքներուս մէջ ծնայ,
11 Որ ատեն մը անպիտան էր քեզի, բայց հիմա քեզի ալ, ինծի ալ պիտանի է.
12 Զանիկա քեզի ղրկեցի. դուն ալ ընդունէ զայն, որ է իմ աղիքս.
13 Կ’ուզէի իմ քովս պահել, որպէս զի քու տեղդ ինծի սպասաւորութիւն ընէ աւետարանին կապանքներուն մէջ,
14 Բայց առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէս զի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ։
15 Թերեւս այս պատճառաւ անիկա քիչ մը ատեն զատուեցաւ, որպէս զի զանիկա յաւիտեան ունենաս,
16 Ո՛չ թէ ծառայի մը պէս, հապա ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս եւ եթէ ինծի այսպէս սիրելի է, որչա՜փ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմնի կողմանէ ու թէ՛ Տէրոջը։
17 Ու եթէ զիս քեզի հաղորդակից կը սեպես, ընդունէ զանիկա՝ իմ տեղս։
18 Եւ եթէ քեզի անիրաւութիւն մը ըրած է կամ պարտք մը ունի՝ զայն իմ հաշիւիս անցուր։
19 Ես՝ Պօղոսս՝ իմ ձեռքովս գրեցի։ Ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դուն ալ քու անձդ ինծի պարտական ես։
20 Այո՛, եղբա՛յր, թող քեզմէ ունենամ այս օգուտը Տէրոջմով. հանգչեցուր իմ աղիքս Տէրոջմով։
21 Քու հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես։
22 Ասկէ զատ ինծի բնակարան մըն ալ պատրաստէ, վասն զի կը յուսամ թէ Աստուած ձեր աղօթքներուն պատասխանելով զիս ձեզի պիտի ղրկէ։
23 Բարեւ կ’ընէ քեզի Եպափրասը՝ իմ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով։
24 Նաեւ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը, Ղուկասը, իմ գործակիցներս։
25 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։