ՏԻՏՈՍ
Գլուխ 2
Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։
2 Ծերերուն՝ զգաստ ըլլայ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։
3 Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող.
4 Որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն,
5 Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։
6 Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։
7 Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն,
8 Ողջամիտ ու անմեղադրելի խօսք, որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ ու մեր վրայով գէշ բան մը չկրնայ ըսել։
9 Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ եւ ամէն բանի մէջ հաճելի՝ ո՛չ հակառակախօսներ,
10 Ո՛չ խորողներ, հապա կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն։
11 Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ։
12 Ան մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։
13 Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։
14 Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր։
15 Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։