ՏԻՏՈՍ
Գլուխ 1
Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է,
2 Յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ
3 Եւ իր ժամանակին իր խօսքին քարոզութեամբ յայտնեց, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը,
4 Տիտոսին իմ հարազատ որդիիս հասարակաց հաւատքովը՝ շնորհք եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
5 Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի.
6 Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։
7 Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող,
8 Հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ,
9 Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։
10 Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են.
11 Անոնք պէտք է պապանձեցնել, քանի որ ամբողջ տուներ կը կործանեն ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար.
12 Անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։
13 Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ՛ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ
14 Ու չնային Հրէական առասպելներուն եւ ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն։
15 Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։
16 Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան։