ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ
Գլուխ 5
Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։
2 Ահա ես՝ Պօղոսս՝ կ’ըսեմ ձեզի. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չըներ»։
3 Դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը յայտնեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքները կատարել։
4 Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք։
5 Վասն զի Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։
6 Վանս զի Քրիստոս Յիսուսին քով ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի։
7 Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։
8 Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։
9 Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։
10 Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան պիտի չխորհիք։ Ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, ինք դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ո՛վ որ ըլլայ։
11 Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ։ Ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։
12 Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին անոնք, որ ձեզ կը խռովեցնեն։
13 Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։
14 Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։
15 Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք։
16 Միայն թէ այս կ’ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։
17 Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։
18 Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար։
19 Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն,
20 Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ,
21 Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։
22 Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն,
23 Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։
24 Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։
25 Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։
26 Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։