ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ
Գլուխ 4
Բայց այս կ’ըսեմ որչափ ժամանակ որ ժառանգորդը մանուկ է, ծառայէ տարբերութիւն չունի, թէեւ ամենուն տէրն է.
2 Հապա խնամակալներու ու հոգաբարձուներու տակ է մինչեւ հօրը որոշած ժամանակը։
3 Նոյնպէս մենք ալ երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ծառայ էինք։
4 Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ.
5 Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։
6 Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։
7 Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։
8 Բայց այն ատեն որ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որոնք ի բնէ աստուածներ չէին։
9 Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։
10 Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։
11 Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ։
12 Ինծի պէս եղէք, վասն զի ես ալ ձեզի պէս եղայ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կ’աղաչեմ. դուք ինծի վնաս մը հասցուցած չէք։
13 Դուք գիտէք թէ առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի. բայց իմ մարմնիս վրայ կրած փորձութիւնս
14 Չանարգեցիք ու չարհամարհեցիք, հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս զիս ընդունեցիք՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս։
15 Ուրեմն ի՞նչ բանի համար էր այն ձեր երանութիւնը. քանզի ես կը վկայեմ ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար, ձեր աչքերը պիտի հանէիք ու ինծի տայիք։
16 Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար։
17 Անոնք ձեր մասին հոգ կ’ընեն ո՛չ թէ բարիին համար, այլ կ’ուզեն ձեզ արգիլել, որպէս զի իրե՛նց մասին հոգ ընէք։
18 Սակայն աղէկ է ամէն ատեն բարիին նախանձախնդիր ըլլալ, ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ըլլամ։
19 Իմ որդեակներս, ձեզմով նորէն ծննդական ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։
20 Կ’ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու փոխել իմ ձայնս. վասն զի ես ձեր վրայով տարակուսած եմ։
21 Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։
22 Վասն զի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն ու միւսը՝ ազատ կնոջմէն։
23 Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։
24 Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար.
25 Վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։
26 Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։
27 Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։
28 Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։
29 Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։
30 Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։
31 Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։