ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 3

Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։
2 Ասիկա միայն կ’ուզեմ ձեզի հարցնել. «Օրէնքին գործերո՞վը դուք Հոգին առիք՝ թէ հաւատքին լսելովը»։
3 Այդչափ անմի՞տ էք. հոգիով սկսաք ու հիմա մարմնո՞վ կը վերջացնէք։
4 Այնչափ դիպուածները պարապ տե՞ղ ձեր վրայէն անցան, (եթէ պարապ ըլլայ ալ)։
5 Ուստի ան որ ձեզի Հոգին բաշխեց եւ ձեր մէջ զօրութիւններ գործեց, օրէնքին գործերո՞վն էր՝ թէ հաւատքին լսելովը։
6 Ինչպէս Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։
7 Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները։
8 Գիրքը նախապէս գիտնալով թէ Աստուած հեթանոսները հաւատքով կ’արդարացնէ, կանուխէն աւետիս տուաւ Աբրահամին՝ թէ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։
9 Ուստի անոնք որ հաւատքէն են, կ’օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամին հետ։
10 Վասն զի անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ»։
11 Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի»։
12 Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա «Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի»։
13 Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».)
14 Որպէս զի Աբրահամին օրհնութիւնը հեթանոսներուն վրայ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով. որպէս զի մենք ալ հոգիին խոստումները առնենք հաւատքով։
15 Մարդու սովորութեան պէս կը խօսիմ, եղբա՛յրներ. իրաւ որ մարդու մը հաստատած կտակը մէ՛կը չի խափաներ, ո՛չ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ’աւելցնէ։
16 Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. «Եւ քու սերունդներուդ», որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է։
17 Բայց այս կ’ըսեմ. «Այն կտակը որ նախապէս Աստուծմէ հաստատուեցաւ Քրիստոսով, որով Օրէնքը որ չորս հարիւր երեսուն տարի յետոյ դրուեցաւ, չի կրնար անվաւեր դարձնել խոստումները եւ խափանել։
18 Վասն զի եթէ ժառանգութիւնը օրէնքէն ըլլայ, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չըլլար. բայց Աստուած Աբրահամին խոստումով շնորհեց։
19 Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը։ Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, (մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր,) միջնորդի մը ձեռքով՝ հրեշտակներէ տրուած։
20 Բայց միջնորդը մէկի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է։
21 Ուրեմն օրէնքը հակառա՞կ բան մըն է Աստուծոյ խոստումներուն։ Քա՛ւ լիցի. քանզի եթէ տրուած ըլլար այնպիսի օրէնք մը, որ կարող ըլլար կենդանացնել, այն ատեն իրաւցընէ արդարութիւնը օրէնքէն կ’ըլլար։
22 Բայց գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէս զի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։
23 Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։
24 Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք։
25 Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։
26 Վասն զի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։
27 Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք.
28 Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։
29 Ապա եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ։