ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ
Գլուխ 2
Տասնըչորս տարի յետոյ նորէն Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ՝ Տիտոսն ալ մէկտեղ առնելով։
2 Ելայ յայտնութիւնով ու անոնց իմացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոներուն մէջ կը քարոզեմ, բայց առանձին անոնց՝ որոնք երեւելիներ էին, որ չըլլայ թէ պարապ տեղ վազեմ կամ վազած ըլլամ։
3 Բայց ինծի հետ եղող Տիտոսն ալ, որ Յոյն էր, չպարտաւորուեցաւ թլփատուիլ.
4 Մանաւանդ ներս սպրդող սուտ եղբայրներուն համար՝ որոնք սահելով ներս մտան Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու համար, որպէս զի մեզ ծառայեցնեն.
5 Որոնց նոյնիսկ քիչ մը ատեն մտիկ չըրինք, որպէս զի աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատուն մնայ ձեր մէջ։
6 Բայց անոնք որ բան մը կը կարծուէին, ինչ որ էին՝ այն իմ հոգս չէ. Աստուած մարդոց աչառութիւն չ’ըներ, վասն զի այնպէս կարծուածները բան մը չիմացուցին ինծի։
7 Հապա անոր հակառակը՝ երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի յանձնուած է, ինչպէս Պետրոսին ալ՝ թլփատուածներունը,
8 (Վասն զի ան որ Պետրոսին յաջողութիւն տուաւ թլփատուածներուն առաքելութիւն ընելու, ինծի ալ՝ հեթանոսներունը,)
9 Ու երբ ինծի տրուած շնորհքը գիտցան ու Յակոբոսն ու Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ սեպուած էին, աջ ձեռքերնին տուին ինծի ու Բառնաբասին՝ ի նշան հաղորդակցութեան, որպէս զի մենք հեթանոսներուն մէջ երթանք ու անոնք՝ թլփատուածներուն.
10 Միայն թէ կը կամենային որ աղքատները յիշենք եւ ես ալ աշխատեցայ բան մը ընել։
11 Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։
12 Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։
13 Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։
14 Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։
15 Մենք որ բուն Հրեայ ենք եւ ոչ թէ հեթանոս մեղաւորներ,
16 Գիտնալով՝ թէ մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն, մենք ալ Քրիստոս Յիսուսին հաւատացինք՝ որպէս զի արդարանանք Քրիստոսին հաւատքով եւ ո՛չ թէ օրէնքին գործերով, որովհետեւ օրէնքին գործերով ոչ ոք պիտի արդարանայ։
17 Իսկ եթէ մենք կ’ուզենք Քրիստոսով արդարանալ, մեղաւո՞ր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի պաշտօնեա՞յ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի։
18 Քանզի եթէ իմ քակած բաներս նորէն կը շինեմ, իմ անձս յանցաւոր կը ցուցնեմ։
19 Վասն զի ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ։
20 Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։
21 Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ խափաներ. վասն զի եթէ արդարութիւնը օրէնքէն էր, ուրեմն Քրիստոս պարապ տեղ մեռաւ։