ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ

1 2 3


Գլուխ 1

Ամբակում մարգարէին յայտնուած պատգամը։
2 Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես Եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։
3 Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես Եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ Եւ դատ ու վէճ հանող կայ։
4 Անոր համար օրէնքը կը խափանուի Ու իրաւունքը չի գործադրուիր, Քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ, Այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ։
5 Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ, Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք։
6 Քանզի ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները, Այն դառն ու արագընթաց ազգը, Որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար՝ Ամբողջ երկիրը կը պտըտի։
7 Անիկա սոսկալի եւ ահարկու է, Անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը իրեն կը պատկանին։
8 Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են Ու գայլերէն աւելի կատաղի։ Անոր ձիաւորները պիտի ցատկեն, Անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, Կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։
9 Անոնք զրկանքի համար պիտի գան, Գունդերուն երեսները դէպի յառաջ պիտի ըլլան Ու աւազի պէս գերիներ պիտի հաւաքեն։
10 Անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ, Իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան։ Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ, Վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ։
11 Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ Եւ իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ։
12 Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։ Պիտի չմեռնինք։ Ո՜վ Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր։ Ո՜վ Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր։
13 Դո՛ւն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են Ու անիրաւութեան նայելու կարող չեն, Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս, Երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես։
14 Մարդը ծովու ձուկերու պէս կ’ընես, Սողուններու պէս՝ որոնք իրենց վրայ տիրող չունին։
15 Անոնց ամէնքը կարթով կը հանէ։ Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ։ Զանոնք իր ցանցովը կը հաւաքէ, Անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ։
16 Անոր համար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ Ու իր ցանցին խունկ կը ծխէ, Վասն զի անոնցմով իր բաժինը՝ գէր Ու իր կերակուրը պարարտ կ’ըլլայ։
17 Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞ Ու ազգերը կոտորելէն պիտի չդադարի՞։