ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ
Գլուխ 3
Շիկիօնօթի վրայ, Ամբակում մարգարէին աղօթքը։
2 Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ։ Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր, Տարիներու մէջ գիտցուր, Բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛։
3 Աստուած Թեմանէն եկաւ Ու Սուրբը՝ Փառան լեռնէն (Սէլա)։ Անոր փառքը երկինքը ծածկեց, Երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ։
4 Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր. Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին, Անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր։
5 Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար Եւ անոր ոտքերուն ետեւէն՝ հրատագնապ տենդը՝ ՝ կ’ելլէր։
6 Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, Նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։ Յաւիտենական լեռները փշրուեցան Եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան։ Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի։
7 Քուշանին վրանները նեղութեան տակ տեսայ, Մադիամի երկրին վրանները դողացին։
8 Միթէ գետերուն բարկացա՞ւ Տէրը, Քու սրտմտութիւնդ գետերուն վրա՞յ էր, Բարկութիւնդ ծովուն վրա՞յ էր, Որ քու ձիերդ ու փրկութեան կառքերդ հեծար։
9 Քու աղեղդ բոլորովին մերկացաւ, Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս (Սէլա). Երկիրը գետերով պատռեցիր։
10 Լեռները քեզ տեսան ու դողացին, Հեղեղը անցաւ, Անդունդը իր ձայնը տուաւ Ու ձեռքերը վեր վերցուց։
11 Արեւն ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան, Անոնք քու նետերուդ լոյսովը Եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին։
12 Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար Ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր։
13 Քու ժողովուրդիդ՝ փրկութեանը համար, Քու օծեալիդ փրկութեանը համար ելար. Անօրէնին տանը գլուխը ճզմեցիր՝ Հիմը մինչեւ պարանոցը բանալով (Սէլա)։
14 Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր, Զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան, Անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր։
15 Քու ձիերովդ՝ ծովուն վրայ, Շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ քալեցիր։
16 Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ, Ձայնէն շրթունքներս դողացին։ Ոսկորներուս մէջ փտտութիւն մտաւ Ու եղած տեղս սարսափեցայ։ Հանգստութեամբ սպասեցի նեղութեան օրուան, Երբ ան ելլէ իր գունդերովը յարձակի իմ ժողովուրդիս վրայ։
17 Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ, Որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, Ձիթենիին բերքը ստէ, Արտերը կերակուր չտան, Փարախէն ոչխարը պակսի, Գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ,
18 Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, Իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։
19 Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է, Որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ Եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ։ Գլխաւոր երաժշտին՝ իմ նուագած նուագարաններուս վրայ։