ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ
Գլուխ 2
Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ Ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։ Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի Եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս համար ի՛նչ պատասխան պիտի տամ։
2 Տէրը ինծի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, Որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ՝ ՝։
3 Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, Բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, Քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։
4 Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ, Բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի։
5 Գինին կը կատղեցնէ, Հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար, Քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ Ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար։ Հապա բոլոր ազգերը իրեն կը հաւաքէ Ու բոլոր ժողովուրդները իր քով կը գումարէ։
6 Միթէ անոնք բոլորը ծաղրանքի առարկայ պիտի չըլլա՞ն Ու անոր համար ծաղրական խօսքեր պիտի չըսե՞ն։ «Վա՜յ անոր, որ իրենը չեղածը կը շատցնէ (Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ) Ու իր վրայ գրաւներ կը բեռցնէ»։
7 Միթէ յանկարծ քեզ խածնողներ պիտի չելլե՞ն, Քեզի նեղութիւն տուողներ պիտի չարթննա՞ն, Դուն անոնց աւար պիտի չըլլա՞ս։
8 Որովհետեւ դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր, Քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն՝ Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։
9 Վա՜յ անոր, որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի, Որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ, Չարին ձեռքէն ազատելու համար։
10 Շատ ժողովուրդներ կոտորելով Քու տանդ վրայ անարգանք բերիր Եւ քու հոգիիդ դէմ մեղք գործեցիր։
11 Քանզի քարը պատէն պիտի աղաղակէ Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պատասխան պիտի տայ անոր։
12 Վա՜յ անոր, որ արիւններով քաղաք կը շինէ Ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ։
13 Ահա ասիկա զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞, Որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին Ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին։
14 Քանզի երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
15 Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես, Եւ արբեցուցիչ ըմպելին՝ ՝ առատ կը բաշխես, Որ ուրիշներն ալ գինովցնես, Որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես։
16 Փառքէն աւելի ամօթով կշտացար, Դուն ալ խմէ՛ ու մերկացի՛ր։ Տէրոջը աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի դառնայ Եւ քու փառքիդ վրայ անարգանք պիտի գայ։
17 Քանզի Լիբանանի զրկանքը քեզ պիտի ծածկէ։ Գազաններուն յափշտակութիւնը պիտի վախցնէ՝ Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։
18 Ի՞նչ օգուտ ունի արհեստագէտին քանդակած կուռքը, Ձուլածոյ կուռքը եւ ստութիւն սորվեցնողը, Որ շինողը իր շինած բանին ապաւինի, Երբ համր կուռքեր կը շինէ։
19 Վա՜յ անոր, որ փայտին կ’ըսէ՝ ‘Արթնցի՛ր’ Եւ համր քարին՝ ‘Ելի՛ր’. Միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատուած է Եւ անոր մէջ ամենեւին հոգի չկայ։
20 Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Անոր երեսին առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ երկիր։