ՆԱՒՈՒՄԱՅ

1 2 3


Գլուխ 3

Վա՜յ արիւններու քաղաքին Որ բոլորովին ստութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է։ Հոն որսը պակաս չէ։
2 Ահա խարազանին ձայնը, Անիւին շարժման ձայնը, Սրընթաց ձիուն ու ցնցուող կառքին շաչիւնը։
3 Ձիաւորը կը վերցնէ փայլուն սուրը ու շողշողուն նիզակը՝ ՝ Եւ շատ վիրաւորներ ու խիստ շատ մեռելներ կ’ըլլան։ Դիակները անթիւ են, անոնք դիակներուն վրայ կը գլորին
4 Պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեանը համար, Որ խիստ շնորհալի ու կախարդութիւններու տէր ըլլալով՝ Իր պոռնկութիւններովը՝ ազգեր Եւ իր կախարդութիւններովը ազգատոհմեր կը ծախէր։
5 «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Քու երեսիդ դէմ քու քղանցքդ պիտի բանամ, Քու մերկութիւնդ՝ ազգերուն, Քու անարգանքդ թագաւորներուն պիտի ցուցնեմ։
6 Քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ, Քեզ խայտառակ պիտի ընեմ, Քեզ իբր օրինակ պիտի դնեմ»։
7 Ամէն քեզ տեսնող Քեզմէ պիտի փախչի ու պիտի ըսէ. ‘Նինուէն աւերակ եղաւ, Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ’։ Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչ փնտռեմ։
8 Միթէ դուն Նով-Ամոնէն աղէ՞կ ես, Որ գետերուն քով կը բնակէր Ու ջուրերով շրջապատուած էր, Ծովը անոր խրամն էր, Ջուրը անոր պարիսպն էր։
9 Անոր զօրութիւնը՝ Եթովպիա ու Եգիպտոս էին Ու ծայր չունէր։ Փուդացիներն ու Լիբէացիները քեզի օգնական էին։
10 Անիկա ալ աքսորուեցաւ ու գերութեան գնաց, Անոր տղաքներն անգամ ամէն ճամբու գլուխ գետինը զարնուեցան, Անոր պատուական մարդոց վրայ վիճակ ձգեցին։ Անոր բոլոր մեծամեծները շղթաներով կապուեցան։
11 Դուն ալ պիտի գինովնաս ու անյայտ ըլլաս, Դուն ալ թշնամիէն պահուելու տեղ պիտի փնտռես։
12 Քու բոլոր բերդերդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք երբ թօթուեն, ուտողին բերանը կ’իյնան։
13 Ահա քու ժողովուրդդ քու մէջդ կիներու պէս պիտի ըլլան, Քու երկրիդ դռները անշուշտ քու թշնամիներուդ առջեւ պիտի բացուին, Կրակը պիտի ուտէ քու նիգերդ։
14 Պաշարումի համար քեզի ջուրեր քաշէ՛, Բերդերդ ամրացո՛ւր. Ցեխի մէջ մտի՛ր ու կաւը կոխէ՛ Եւ աղիւսին փուռը նորոգէ՛։
15 Հոն կրակը քեզ պիտի ուտէ, Սուրը քեզ պիտի կտրտէ, Ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ, ուստի Քեզ ջորեակի պէս շատցուր, Քեզ մարախի պէս շատցուր։
16 Քու վաճառականներդ երկնքի աստղերէն աւելի շատցուցիր. Ջորեակը տարածեց իր թեւերը, ետքը թռաւ։
17 Քու թագակիրներդ մարախի պէս, Զօրավարներդ անթիւ մարախներու պէս են, Որոնք ցուրտ օրը ցանկերու վրայ կը հանգչին. Երբ արեւը ծագի՝ կը չուեն Ու անոնց ո՛ւր ըլլալը չի գիտցուիր։
18 Քու հովիւներդ կը քնանան, ո՛վ Ասորեստանի թագաւոր, Քու ազնուականներդ կը պառկին, Քու ժողովուրդդ լեռներու վրայ ցրուեցան Ու մէկը չկայ որ զանոնք հաւաքէ։
19 Քու կոտրուածքիդ ճար չկայ, Քու վէրքդ անդարմանելի է. Ամէն անոնք որ քու լուրդ կը լսեն՝ քեզի համար ծափ կը զարնեն, Քանզի քու չարութիւնդ որո՞ւ վրայ եկած չէ։