ՆԱՒՈՒՄԱՅ

1 2 3


Գլուխ 2

Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ։ Պարիսպը պահպանէ՛, ճամբան դիտէ՛, Մէջքերդ ուժովցո՛ւր ու բոլոր ոյժդ վրադ հաւաքէ՛։
2 Քանզի Տէրը Յակոբին վայելչութիւնը Իսրայէլին վայելչութեանը պէս նորոգեց, Վասն զի աւարառուները զանիկա կողոպտեցին Ու անոնց որթատունկին ճիւղերը աւերեցին.
3 Անոր զօրաւոր մարդոց վահանը կարմրեցաւ Անոր քաջ մարդիկը ծիրանի հագան. Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը պողպատի փայլունութիւն՝ ՝ պիտի ունենայ, Նիզակները պիտի երերցուին։
4 Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին, Հրապարակներուն մէջ իրարու պիտի բաղխին։ Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ Ու փայլակներու պէս պիտի վազեն։
5 Իր կտրիճները պիտի յիշէ։ Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին, Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորան Ու պատսպարան պիտի պատրաստուի։
6 Գետերուն դռները պիտի բացուին Ու պալատը պիտի փլչի։
7 Ու նախասահմանուեցաւ, որ անիկա գերութեան ելլէ Եւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելով Ու աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ երթան։
8 Նինուէն շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր. Սակայն անոնք փախչելով՝ ‘Կայնեցէ՛ք, կայնեցէ՛ք, պիտի ըսեն, Բայց դարձող պիտի չըլլայ։
9 Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք, Քանզի անոր զարդերը անթիւ են Ու ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ։
10 Պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։ Սրտերը կը հալին ու ծունկերը իրարու կը զարնուին, Բոլոր մէջքերը կը դողան Ու ամենուն երեսները գոյներնին կը նետեն։
11 Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանը Եւ առոյգ առիւծներուն արօտը։ Արու առիւծը, մատակ առիւծը Ու առիւծին կորիւնը ո՞ւր կը պտըտէին։ Զանոնք վախցնող չկայ։
12 Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէր Ու իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր։ Իր մորիները՝ որսով, Իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր։
13 «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Եւ քու կառքերդ պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ։ Սուրը պիտի ուտէ քու առոյգ առիւծներդ։ Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ Եւ քու դեսպաններուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի»։