ՆԱՒՈՒՄԱՅ
Գլուխ 1
Նինուէի պատգամը եւ Ելկեսացի Նաւումին տեսիլքին գիրքը։
2 Եհովան նախանձոտ ու վրէժխնդիր Աստուած է։ Եհովան վրէժ առնող ու բարկութեան տէր է։ Եհովան իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ, Իր թշնամիներուն դէմ ոխ կը պահէ։
3 Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է, Բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր։ Եհովային ճամբան մրրիկի ու փոթորիկի մէջ է Ու ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են։
4 Ծովուն կը սաստէ ու զանիկա կը ցամքեցնէ Եւ բոլոր գետերը կը չորցնէ։ Բասանն ու Կարմեղոսը կը թառամին Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թառամի։
5 Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին։ Երկիրը անոր երեսէն կը խախտի, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները։
6 Անոր ցասումին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ Եւ անոր սաստիկ բարկութեանը Ո՞վ կրնայ դէմ դնել։ Անոր սրտմտութիւնը կրակի պէս կը թափի Ու ապառաժները անկէ կը խորտակուին։
7 Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ։
8 Բայց այն քաղաքին տեղը յորդահոս հեղեղով բոլորովին պիտի ջնջէ Եւ խաւարը պիտի հալածէ անոր թշնամիները։
9 Եհովային դէմ ի՞նչ կը ծրագրէք։ Բնաջինջ ընողը անիկա է։ Թշնամիներէն երկրորդ անգամ վրէժ պիտի չլուծէ։
10 Քանզի անոնք՝ փուշերու պէս փաթթուած Ու իրենց ըմպելիքովը գինովցածի պէս են, Բոլորովին չորցած յարդի պէս պիտի այրին։
11 Քեզմէ՝ Եհովային դէմ չարութիւն մտածող մը, Անօրէն խորհրդական մը ելաւ։
12 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Թէեւ անոնք խաղաղութեան մէջ են ու բազմաթիւ են, Սակայն անոնք պիտի կոտորուին ու անցնին։ Թէեւ քեզ նեղեցի, ա՛լ պիտի չնեղեմ։
13 Հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի վերցնեմ Ու քու կապերդ պիտի կտրեմ»։
14 Տէրը քեզի համար հրամայեց, Անգամ մըն ալ քու անունդ պիտի չտարածուի։ Քու աստուածներուդ տունէն Քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը բնաջինջ պիտի ընեմ։ Զանիկա քու գերեզմանդ պիտի ընեմ, Քանզի դուն անարգ եղար»։
15 Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։ Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա, ուխտերդ կատարէ՛. Քանզի ա՛լ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի, Անիկա բոլորովին կտրուեցաւ։