ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ
Գլուխ 1
Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝
2 Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։
3 Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը,
4 Անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի,
5 Որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու.
6 Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով
7 Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը.
8 Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ,
9 Որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։
10 Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։
11 Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացընէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։
12 Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։
13 Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը։
14 Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով,
15 Հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։
16 Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։
17 Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք,
18 Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով,
19 Հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը.
20 Որ ճանչցուած էր աշխարհի սկիզբէն առաջ ու վերջին ատենը յայտնուեցաւ ձեզի համար,
21 Որուն միջոցով Աստուծոյ հաւատացիք, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց եւ անոր փառաւորութիւն տուաւ, որպէս զի ձեր հաւատքը ու յոյսը Աստուծոյ վրայ ըլլայ։
22 Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք,
23 Նորէն ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը։
24 Վասն զի ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի.
25 Բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ, այսինքն այն խօսքը, որ աւետարանով ձեզի քարոզուեցաւ։