ՅԱԿՈԲՈՒ
Գլուխ 5
Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։
2 Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։
3 Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։
4 Ահա ձեր արտերը հնձող բանուորներուն վարձքը՝ որ ետ պահեցիք՝ կ’աղաղակէ ու հնձողներուն բողոքը զօրութեան Տէրոջը ականջներուն հասաւ։
5 Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար։
6 Դատապարտեցի՛ք ու սպաննեցի՛ք արդարը, որ ձեզի հակառակ չկենայ։
7 Ուստի համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։
8 Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը մօտ է։
9 Զիրար մի՛ տրտմեցնէք, ե՛ղբայրներ, որպէս զի չդատապարտուիք։ Ահա դատաւորը դրանը քով կայներ է։
10 Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու ու համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան։
11 Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։
12 Արդ՝ ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ ուրիշ երդում մը. հապա ձեր Այոն այո ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան տակ իյնաք։
13 Եթէ ձեզմէ մէկը նեղութեան մէջ է, աղօթք թող ընէ։ Եթէ մէկը ուրախ է, սաղմոս թող երգէ։
14 Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։
15 Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։
16 Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։
17 Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր։ Աղօթք ըրաւ որ անձրեւ չգայ եւ երեք տարի ու վեց ամիս երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ։
18 Եւ նորէն աղօթք ըրաւ ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր իր պտուղը բուսցուց։
19 Ե՛ղբայրներ, եթէ ձեզմէ մէկը ճշմարտութենէն մոլորի, մէկը թող զանիկա դարձի բերէ։
20 Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ ու մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։