ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ
Գլուխ 5
Ձեր մէջ եղող երէցներուն կ’աղաչեմ, ես ալ նոյնպէս երէց ըլլալովս, Քրիստոսին չարչարանքներուն վկայ եւ մասնակից հանդերձեալ փառքին որ պիտի յայտնուի,
2 Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ,
3 Ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով.
4 Եւ Հովուապետին երեւցած ատենը փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունիք։
5 Նմանապէս դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։
6 Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։
7 Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։
8 Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։
9 Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։
10 Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։
11 Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
12 Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, (ինչպէս ես կը կարծեմ,) համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք։
13 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ձեզի հետ ընտրուած է ու իմ որդիս Մարկոս ալ։
14 Բարեւ տուէք իրարու սիրոյ համբոյրով. խաղաղութիւն ձեր ամենուն հետ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էք։ Ամէն։