ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ
Գլուխ 5
Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս,
2 Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։
3 Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։
4 Իսկ եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։
5 Ան որ ճշմարտապէս որբեւարի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։
6 Բայց փափկասէր որբեւարին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։
7 Որբեւարիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։
8 Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։
9 Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած,
10 Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ։
11 Բայց դեռահասակ որբեւարիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսին դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն
12 Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի նախկին հաւատքնին մէկդի ձգելով կը ծուլանան։
13 Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին։
14 Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին
15 Քանզի արդէն ոմանք խոտորեցան եւ Սատանային ետեւէն գացին։
16 Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբեւարիներ ունենայ, թող օգնէ անոնց եւ եկեղեցին չծանրաբեռնէ, որպէս զի ճմարտապէս որբեւարիներուն օգնէ։
17 Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։
18 Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի կապեր» եւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։
19 Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, եթէ երկու կամ երեք վկայ չըլլայ։
20 Անոնք որ մեղք կը գործեն, ամենուն առջեւ յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներ ալ վախնան։
21 Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես։
22 Շուտով մէկուն վրայ ձեռք մի՛ դներ եւ ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդակից չըլլաս։ Դուն քեզ մաքո՛ւր պահէ։
23 Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։
24 Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։
25 Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ։