ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 4

Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն,
2 Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է.
3 Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։
4 Վանս զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի.
5 Քանզի Աստուծոյ խօսքովը ու աղօթքով կը սրբուի։
6 Այս բաները եղբայրներուն յիշեցնելով՝ Յիսուս Քրիստոսին բարի պաշտօնեայ մը պիտի ըլլաս ու պիտի սնանիս հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցար։
7 Բայց պիղծ ու պառաւական առասպելներէն ե՛տ կեցիր եւ քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր.
8 Վասն զի մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։
9 Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։
10 Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն։
11 Այս բաները պատուիրէ՛ ու սորվեցո՛ւր։
12 Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ։
13 Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։
14 Անհոգ մի՛ ըլլար քու վրադ եղած պարգեւին վրայով, որ մարգարէութեամբ քեզի տրուեցաւ՝ երէցներուն ձեռքերը քու վրադ դրուելովը։
15 Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։
16 Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։