ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 2 3 4 5 6


Գլուխ 2

Արդ՝ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար,
2 Մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով։
3 Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։
4 Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։
5 Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը,
6 Որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու,
7 Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ Քրիստոսով եւ սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով։
8 Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։
9 Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով,
10 Հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն։
11 Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով։
12 Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։
13 Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան։
14 Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց.
15 Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։