ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 2 3


Գլուխ 1

Պօղոս ու Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով։
2 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3 Պարտինք ամէն ատեն Աստուծմէ գոհանալ ձեզի համար, եղբայրներ, ինչպէս կը վայլէ. քանզի ձեր հաւատքը շատ աճելու վրայ է եւ ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ.
4 Այնպէս որ մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք.
5 Որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։
6 Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը
7 Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը,
8 Բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր.
9 Որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն,
10 Երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ եւ հիանալի ըլլալ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (վասն զի մեր վկայութեան հաւատացիք) այն օրը։
11 Այս պատճառով ալ ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք կ’ընենք, որ մեր Աստուածը ձեզ արժանի ընէ ձեր կոչումին եւ մինչեւ լրացնէ ձեր բոլոր փափաքները եւ հաւատքին գործը՝ զօրութիւնով,
12 Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը փառաւորուի ձեր մէջ եւ դուք ալ անոր մէջ՝ մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքին համեմատ։