ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 2 3 4 5


Գլուխ 5

Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի.
2 Քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։
3 Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։
4 Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։
5 Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։
6 Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։
7 Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։
8 Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք։
9 Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով,
10 Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։
11 Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։
12 Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։
13 Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։
14 Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։
15 Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն։
16 Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։
17 Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։
18 Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։
19 Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։
20 Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք։
21 Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք։
22 Ամէն տեսակ գէշ բաներէ ե՛տ կեցէք։
23 Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Աստուածը՝ ձեզ բոլորովին սուրբ ընէ ու ձեր բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալու ատենը։
24 Հաւատարիմ է ան որ ձեզ կանչեց, որ պիտի կատարէ ալ։
25 Եղբա՛յրներ, աղօթք ըրէք մեզի համար։
26 Բարեւ տուէ՛ք բոլոր եղբայրներուն սուրբ համբոյրով։
27 Կ’երդմնցնեմ ձեզ Տէրոջմով, որ այս թուղթը բոլոր սուրբ եղբայրներուն կարդաք։
28 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։