ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 2 3 4 5


Գլուխ 3

Վերջապէս՝ ա՛լ չկրնալով աւելի համբերել, աղէկ երեւցաւ որ ես առանձինն Աթէնք մնամ,
2 Բայց Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը ու Աստուծոյ պաշտօնեան եւ մեր գործակիցը Քրիստոսին աւետարանին մէջ՝ ղրկենք ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար.
3 Որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի. վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ մենք ատոնց համար կեցեր ենք։
4 Քանզի երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ ու գիտէք։
5 Ասոր համար ես ալ չկրնալով աւելի համբերել, մարդ ղրկեցի ձեր հաւատքը գիտնալու, որ չըլլայ թէ փորձողը ձեզ փորձած ըլլայ եւ մեր աշխատութիւնը պարապ ըլլայ։
6 Բայց հիմա երբ Տիմոթէոս ձեզմէ մեզի եկաւ ու ձեր հաւատքին եւ սիրոյն աւետիսը մեզի տուաւ, որ ամէն ժամանակ մեր բարի յիշատակը մտքերնիդ պահեր էք եւ կը փափաքիք մեզ տեսնել, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ,
7 Ասոր համար, եղբա՛յրներ, մխիթարուեցանք մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքովը։
8 Վասն զի կենդանի կ’ըլլանք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով.
9 Քանզի ի՞նչ գոհութիւն կրնանք մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար եւ այն ամէն ուրախութեանը համար, որ կ’ուրախանանք ձեզի համար մեր Աստուծոյն առջեւ
10 Եւ գիշեր ու ցորեկ խիստ շատ աղաչանք կ’ընենք ձեր երեսը տեսնելու ու ձեր հաւատքին պակասութիւնները լեցնելու համար։
11 Թող Աստուած ինք՝ մեր Հայրը ու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ուղղէ ձեզի գալու մեր ճամբան։
12 Տէրը աճեցնէ ու աւելցնէ ձեր սէրը իրարու վրայ եւ ամենուն վրայ, ինչպէս մենք ալ ձեր վրայ ունինք,
13 Հաստատելով ձեր սրտերը անարատ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօրը առջեւ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ՝ գալու ատենը։