ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 2 3


Գլուխ 2

Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար,
2 Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։
3 Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին,
4 Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։
5 Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։
6 Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։
7 Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։
8 Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։
9 Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով
10 Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան.
11 Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրենութեան յօժարեցան։
12 Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը.
13 Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։
14 Ուստի, եղբայրնե՛ր, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։
15 Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով,
16 Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։