ԱՆԳԵԱՅ
Գլուխ 1
Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը Անգէ մարգարէին միջոցով Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին եղաւ՝ ըսելով,
2 Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու»։
3 Այն ատեն Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով.
4 «Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, Իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։
5 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։
6 Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք։ Կերաք, բայց չկշտացաք։ Խմեցիք, բայց ծարաւնիդ չանցուցիք։ Հագուեցաք, բայց չտաքցաք Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի»։
7 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։
8 Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք Ու տունը շինեցէ՛ք եւ անոր պիտի հաճիմ Ու պիտի փառաւորուիմ։
9 Շատին սպասեցիք, բայց քիչը եկաւ. Երբ ձեր տուները բերիք, անոնց վրայ փչեցի։ Ինչո՞ւ համար» կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Իմ տանս համար, որ աւերակ է, Մինչ ձեզմէ ամէն մէկը իր տունով կը զբաղի։
10 Անոր համար երկինք ձեզի իր ցօղը կը զլանայ, Երկիրն ալ իր պտուղը չի տար։
11 Ես երկրին վրայ ու լեռներուն վրայ, Ցորենին վրայ ու գինիին վրայ ու իւղին վրայ, Գետնի բերքերուն վրայ, Մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ, Ձեռքերու բոլոր վաստակին վրայ երաշտութիւն բերի»։
12 Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլն ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուն եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդը հնազանդեցան իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր ու ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն փախաւ։
13 Տէրոջը դեսպանը՝ Անգէն՝ Տէրոջը ըսած պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց ու ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ Տէրը։
14 Տէրը Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին հոգին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին հոգին եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդին հոգին արթնցուց, որոնք գացին եւ իրենց Աստուծոյն, զօրքերուն Տէրոջը, տանը մէջ աշխատեցան,
15 Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը։