ՍՈՓՈՆԵԱՅ
Գլուխ 3
Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, Հարստահարութիւն ընող քաղաքին։
2 Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։
3 Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են, Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են, Որոնք մինչեւ առտու բան մը չեն թողուր։
4 Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են, Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին Ու օրէնքը բռնադատեցին։
5 Արդար Տէրը անոր մէջ է, Անիկա անօրէնութիւն չի գործեր. Առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար, Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։
6 «Ազգերը բնաջինջ ըրի, Անոնց աշտարակները կործանուեցան։ Անոնց փողոցները աւերեցի, Որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։ Անոնց քաղաքները ամայացան, Անմարդ ու անբնակ եղան։
7 Ըսի թէ ‘Դուն անշուշտ ինծմէ պիտի վախնաս Ու խրատ պիտի ընդունիս’։ Անոր բնակարանը բնաջինջ պիտի ըլլայ, Որչափ որ սահմանած էի, Սակայն անոնք կանուխ ելան Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին»։
8 «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, Թագաւորութիւնները գումարել, Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։
9 Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, Որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն Ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։
10 Եթովպիայի գետերուն անդիի կողմէն Ինծի աղերսողները, իմ ցրուածներուս աղջիկը, Ինծի պատարագ պիտի մատուցանեն։
11 «Այն օրը պիտի չամչնաս քու այն բոլոր գործերուդ համար, Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար։ Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ Ու անգամ մըն ալ իմ սուրբ լերանս վրայ պիտի չգոռոզանան։
12 Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, Որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։
13 Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն Ու սուտ պիտի չխօսին, Անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին Ու վախցնող պիտի չըլլայ»։
14 Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլի, Բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։
15 Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։
16 Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ Ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։
17 Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։
18 «Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ Ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։
19 Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։
20 Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։