ՍՈՓՈՆԵԱՅ

1 2 3


Գլուխ 2

Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք՝ ՝, Ո՛վ չամչցող ազգ,
2 Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած
3 Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։
4 Քանզի Գազանը պիտի լքուի, Ասկաղոնը պիտի ամայանայ, Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։
5 Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։ Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է, Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։
6 Ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ՝ ՝ Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։
7 Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։ Հոն պիտի արածին։ Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։
8 Մովաբին նախատինքը Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։
9 Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս Եղիճներու կալուածք, աղի հանք Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։ Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։
10 Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ, Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին Ու անոր դէմ հպարտացան։
11 Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ Եւ ազգերու բոլոր կղզիները, Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։
12 Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ, Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։
13 Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ Եւ Նինուէն աւերակի Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ
14 Եւ անոր մէջ հօտեր, Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։ Հաւալուսն ու ոզնին ալ Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։
15 Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր. Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ ‘Ես եմ ու ինծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’, Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։ Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։