ԱՆԳԵԱՅ
Գլուխ 2
Եօթներորդ ամսուան քսանըմէկերորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով.
2 «Հիմա Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին եւ ժողովուրդին մնացորդին խօսէ՛ ու ըսէ՛.
3 «Ձեր մէջ ո՞վ այս տունը իր նախկին փառաւորութիւնովը տեսած է։ Հիմա զանիկա ի՞նչպէս կը տեսնէք։ Միթէ ասիկա հինին քով ոչինչ բանի մը պէս չէ՞ ձեր աչքերուն առջեւ»։
4 «Բայց արդ՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը Եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր Ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, Զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. Քանզի ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
5 «Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը ձեզի խոստացայ, Որ իմ Հոգիս ձեր մէջ կենայ. մի՛ վախնաք։
6 «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, Ծովն ու ցամաքը,
7 Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։
8 Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է,
9 Որով վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ», «Այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
10 Դարեհի երկրորդ տարուան իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով,
11 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա օրէնքին վրայով հարցում ըրէ քահանաներուն ու ըսէ՛.
12 ‘Եթէ մարդ մը իր հանդերձին քղանցքովը սուրբ միս վերցնէ ու քղանցքովը հացի կամ ապուրի կամ գինիի կամ իւղի կամ ինչեւիցէ կերակուրի դպչի, անիկա սուրբ կ’ըլլա՞յ’»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Ո՛չ»։
13 Անգէ ըսաւ. «Եթէ մեռելէ պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչելու ըլլայ, կը պղծուի՞»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Կը պղծուի»։
14 Անգէ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այսպէս է այս ժողովուրդը, Այսպէս է այս ազգը իմ առջեւս, կ’ըսէ Տէրը, Այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը. Ինչ որ կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։
15 «Ուրեմն հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք, Երբ դեռ Տէրոջը տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէր։
16 Այն ատեն երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով երթար, Տասը քոռ կը գտնուէր Ու երբ իր գինիի աւազանին քով երթար հնձանէն յիսուն մար հանելու, Քսան մար կը գտնուէր։
17 Ձեզ ու ձեր ձեռքերուն բոլոր գործը Խորշակահարութեամբ եւ դալուկով ու կարկուտով զարկի, Սակայն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
18 «Հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք. Տէրոջը տաճարին հիմնարկութեան օրէն, Իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրէն, առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք։
19 Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է Եւ որթատունկն ու թզենին եւ նռնենին ու ձիթենին Դեռ պտուղ չտուի՞ն։ Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։
20 Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Անգէին եղաւ ամսուան քսանըչորրորդ օրը՝ ըսելով.
21 Յուդայի իշխանին Զօրաբաբէլին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Ես երկինքն ու երկիրը պիտի շարժեմ,
22 Թագաւորութիւններու աթոռները տակնուվրայ պիտի ընեմ, Ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ, Կառքն ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ։ Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան Իւրաքանչիւրը իր եղբօրը սուրովը»։
23 «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս, Քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, Քանզի քեզ ընտրեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։