ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ
Գլուխ 3
Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան.
2 Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ,
3 Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող,
4 Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր.
5 Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։
6 Վասն զի ասոնցմէ ոմանք տուներէն ներս կը մտնեն ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ վարուած,
7 Որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ։
8 Հապա ինչպէս Յանէսն ու Յամրէսը հակառակ կեցան Մովսէսին, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. մտքով ապականած մարդիկ, որոնք հաւատքի մէջ անպիտաններ են։
9 Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմտութիւնը ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս երկուքինը եղաւ։
10 Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս,
11 Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։
12 Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն։
13 Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով։
14 Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես.
15 Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։
16 Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար՝ ՝ է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար,
17 Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։