ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 2 3 4


Գլուխ 1

Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է,
2 Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։
3 Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, (միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ.
4 Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ,)
5 Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։
6 Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։
7 Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։
8 Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ.
9 Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ.
10 Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։
11 Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։
12 Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։
13 Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։
14 Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։
15 Գիտես թէ ինծմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։
16 Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց
17 Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։
18 (Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ.) եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։