ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ
Գլուխ 3
Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։
2 Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։
3 Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։
4 Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք։
5 Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.
6 Որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ.
7 Որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։
8 Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։
9 Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք
10 Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս
11 Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։
12 Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը,
13 Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։
14 Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։
15 Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։
16 Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։
17 Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։
18 Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։
19 Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։
20 Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։
21 Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։
22 Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով.
23 Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց,
24 Գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք.
25 Բայց անօրէնը իր անօրէնութեան պատիժը պիտի ընդունի եւ աչառութիւն չկայ։