ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ

1 2 3 4


Գլուխ 2

Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ու Լաւոդիկեցիներուն համար ու ամէն անոնց՝ որոնք իմ երեսս մարմնով չեն տեսներ.
2 Որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին՝ սիրով միացած ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը.
3 Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են։
4 Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։
5 Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։
6 Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք,
7 Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։
8 Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։
9 Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։
10 Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։
11 Որով դուք անձեռագործ թլփատութիւնով թլփատուեցաք մեղքերու մարմնէն մերկանալով Քրիստոսին թլփատութիւնովը։
12 Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաեւ անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց։
13 Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։
14 Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց.
15 Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով։
16 Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով,
17 Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։
18 Չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ եւ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու պաշտամունքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնաւոր մտքովը փուճ տեղ հպարտանալով
19 Եւ չբռնէ Գլուխը՝ ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած՝ Աստուծոյ աճումովը կ’աճի։
20 Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով.
21 «Մի՛ մօտենար, համը մի՛ առներ, մի՛ դպչիր»,
22 (Որոնք ապականուած են գործածութեամբ,) մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ,
23 Որոնք իմաստութեան կերպարանք ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով եւ մարմնին չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն։