ՀՌՈՒԹ

1 2 3 4


Գլուխ 2

Նոեմի՝ իր էրկանը կողմանէ՝ ազգական մը ունէր։ Անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր։ Անոր անունը Բոոս էր։
2 Մովաբացի Հռութ Նոեմիին ըսաւ. «Արտերը երթամ եւ որուն աչքին առջեւ ողորմութիւն գտնելու ըլլամ, անոր ետեւէն երթամ ու հասկեր ժողվեմ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Գնա՛, աղջիկս»։
3 Հռութ գնաց եւ արտի մը մէջ մտնելով հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէր։ Այնպէս պատահեցաւ, որ անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն եղող Բոոսի արտին մէջ մտած էր։
4 Բոոս Բեթլէհէմէն եկաւ ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։
5 Բոոս հնձողներուն վրայ կեցող իր մանչուն ըսաւ. «Այս աղջիկը որո՞ւնն է»։
6 Հնձողներուն վերակացու մանչը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Նոեմիին հետ Մովաբի երկրէն դարձող Մովաբացի աղջիկն է,
7 Որ մեզի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, որաներուն մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ ու ժողվեմ’։ Անիկա առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կեցաւ, միայն հիմա՛ քիչ մը նստաւ»։
8 Բոոս ըսաւ Հռութին. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս, հասկ հաւաքելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար ու այս տեղէն ալ մի՛ զատուիր, հապա հոս իմ աղջիկներուս քով կեցիր.
9 Քու աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ ըլլան ու անոնց ետեւէն գնա։ Ես մանչերուն ապսպրեր եմ, որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւիս՝ ամաններուն քով գնա ու մանչերուն քաշած ջուրէն խմէ»։
10 Եւ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ ու գետնէն երկրպագութիւն ընելով՝ անոր ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ»։
11 Եւ Բոոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Քու էրկանդ մեռնելէն ետքը դուն քու կեսրոջդ ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի եւ թէ ի՞նչպէս քու հայրդ ու մայրդ եւ ծննդեանդ երկիրը թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ նախապէս չէիր ճանչնար։
12 Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։
13 Հռութ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ. քանզի դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտեւ ես քու աղախիններէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։
14 Եւ Բոոս կերակուրի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս եկուր ու հացէն կեր եւ պատառդ քացախին մէջ թաթխէ»։ Ուստի անիկա հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուին։ Ան ալ կերաւ կշտացաւ եւ աւելցածը պահեց։
15 Երբ հասկ հաւաքելու ելաւ, Բոոս իր մանչերուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք։
16 Խուրձերէն ալ անոր համար գետինը ձգեցէք ու թող տուէք որ հաւաքէ եւ զանիկա մի՛ յանդիմանէք»։
17 Անիկա մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց ու երբ հաւաքուածը ծեծեց, մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։
18 Եւ զանիկա առաւ ու քաղաքը մտաւ եւ կեսուրը անոր հաւաքածը տեսաւ։ Հռութ հանեց իր կշտացածէն աւելցածը անոր տուաւ։
19 Կեսուրը անոր ըսաւ. «Այսօր ուրկէ՞ հասկ հաւաքեցիր եւ ո՞ւր բանեցար. քեզի ճանչուորութիւն ընողը օրհնեալ ըլլայ»։ Այն ատեն անիկա իր կեսրոջ իմացուց թէ որո՛ւ քով բաներ է ու ըսաւ. «Այն մարդը, որուն քով ես այսօր բանեցայ, Բոոս կը կոչուի»։
20 Նոեմի իր հարսին ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց»։ Նոեմի անոր ըսաւ. «Այն մարդը մեր ազգատոհմէն է, անիկա մօտ ազգական է մեզի»։
21 Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Անիկա նաեւ ինծի ըսաւ թէ՝ ‘Իմ մանչերուս քովէն մի՛ զատուիր, մինչեւ որ անոնք իմ բոլոր հունձքս լմնցնեն’»։
22 Նոեմի իր հարսին Հռութին ըսաւ. «Աղէկ է, աղջի՛կս, որ դուն անոր աղջիկներուն հետ դուրս ելլես ու քեզ ուրիշ արտի մէջ թող չտեսնեն»։
23 Անիկա Բոոսի աղջիկներէն չզատուեցաւ ու մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը հասկ հաւաքեց ու իր կեսրոջ քով կը բնակէր։