ՀՌՈՒԹ

1 2 3 4


Գլուխ 1

Դատաւորներու կառավարութեան օրերը երկրին վրայ սով եղաւ։ Յուդայի Բեթլէհէմէն մարդ մը իր կնոջ ու երկու որդիներուն հետ Մովաբի երկիրը պանդխտանալու գնաց
2 Եւ այն մարդուն անունը Ելիմելէք ու կնոջ անունը Նոեմի ու երկու որդիներուն անունները Մաալոն ու Քելլոն էին։ Անոնք Եփրաթացի էին Յուդայի Բեթլէհէմէն եւ Մովաբի երկիրը գացին, հոն բնակեցան։
3 Նոեմիին այրը Ելիմելէք մեռաւ ու Նոեմի իր երկու որդիներովը մնաց,
4 Որոնք իրենց Մովաբացի կիներ առին։ Մէկուն անունը՝ Որփա ու միւսին անունը Հռութ էր։ Անոնք հոն տասը տարիի չափ նստան։
5 Մաալոն եւ Քելլոն երկուքն ալ մեռան։ Կինը իր երկու որդիներէն ու այրէն զուրկ մնաց։
6 Անիկա իր երկու հարսերովը ելաւ, որ Մովաբի երկրէն դառնայ, քանզի Մովաբի երկրին մէջ լսեր էր թէ Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով։
7 Անիկա իր եղած տեղէն իր երկու հարսերուն հետ ելաւ եւ Յուդայի երկիրը դառնալու համար ճամբորդեց։
8 Նոեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք.
9 Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ»։ Զանոնք համբուրեց եւ անոնք ձայներնին վերցնելով լացին
10 Ու անոր ըսին. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք»։
11 Բայց Նոեմի ըսաւ. «Ո՛վ իմ աղջիկներս, ե՛տ դարձէք. ինչո՞ւ համար ինծի հետ պիտի երթաք. միթէ իմ արգանդիս մէջ ուրիշ տղաքներ կա՞ն, որ ձեզի այր ըլլան։
12 Ե՛տ դարձէք, իմ աղջիկներս ու գացէ՛ք. քանզի ես պառաւեր եմ ու նորէն պիտի չկարգուիմ։ Եթէ յոյս ունենալով՝ այս գիշեր կարգուելու ըլլայի ու տղաքներ ալ ծնանէի,
13 Դուք մինչեւ անոնց մեծնալը պիտի սպասէի՞ք եւ դուք ասոր համար պիտի չկարգուէի՞ք ու այսպէ՞ս պիտի մնայիք։ Ո՛չ, աղջիկներս, քանզի ձեզի համար շատ՝ ՝ կը ցաւիմ. որովհետեւ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։
14 Ու անոնք նորէն ձայներնին վերցնելով լացին։ Եւ Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ։
15 Սակայն Նոեմի ըսաւ. «Ահա քու ներդ իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ. դուն ալ ներոջդ ետեւէն դարձիր»։
16 Բայց Հռութ ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։
17 Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։
18 Երբ Նոեմի տեսաւ, որ անիկա միտքը դրեր է իրեն հետ երթալ, ա՛լ չխօսեցաւ անոր։
19 Երկուքը մէկտեղ գացին, մինչեւ որ Բեթլէհէմ հասան։ Երբ Բեթլէհէմ մտան, իրենց պատճառով բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու կ’ըսէին. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։
20 Անիկա անոնց ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։
21 Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ՝ ՝ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։
22 Այսպէս Նոեմի իր հարսին, Մովաբացի Հռութին հետ Մովաբի երկրէն ետ դարձաւ ու գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլէհէմ հասան։