Հիսուս, Աստծո Որդի - Երրորդություն
-
Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։
ԾՆՆԴՈՑ 1:26 -
Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի»
ԾՆՆԴՈՑ 3:22 -
Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ ՝ Տէր է։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6:4 -
Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:6 -
«Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք Եւ հասկնաք թէ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:10 -
Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 44:6 -
Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք. Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։ Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։ Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։
ԵՍԱՅԵԱՅ 48:16 -
Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, Վասն զի Տէրը զիս օծեց Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն՝ ազատութիւն Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
ԵՍԱՅԵԱՅ 61:1 -
Հրամանը պիտի պատմեմ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դո՛ւն իմ որդիս ես, Ես այսօր քեզ ծնայ։
ՍԱՂՄՈՍ 2:7 -
TՏէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
ՍԱՂՄՈՍ 110:1 -
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 1:23 -
Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 3:16-17 -
Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ.
ՄԱՏԹԷՈՍ 28:19 -
Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’.
ՄԱՐԿՈՍ 12:29 -
Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.
ՄԱՐԿՈՍ 12:32 -
Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։
ՂՈԻԿԱՍ 1:35 -
Ու կ’ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։
ՂՈԻԿԱՍ 22:42 -
Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:1-3 -
Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:14 -
Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 1:18 -
Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:24 -
Ասոր համար ա՛լ աւելի կը մտածէին Հրեաները զանիկա սպաննել, վասն զի ո՛չ միայն շաբաթ օրը չէր պահեր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէր ու այսպէս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 5:18 -
Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:24 -
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:58 -
Ես ու Հայրը մէկ ենք»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:30 -
Հրեաները պատասխան տուին անոր՝ ըսելով. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 10:33 -
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:6 -
Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։ Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը։ Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է.
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:9-11 -
«Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասն զի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:16-17 -
Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:26 -
Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ’երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:28 -
Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 15:26 -
Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 17:3 -
Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք. (Ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս.) որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 17:22-23 -
Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով.
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:4 -
Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 3:30 -
Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:11 -
Հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։ Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2:9-10 -
Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3:16 -
Բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8:6 -
Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։
ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:22-23 -
Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2:18 -
Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը. Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ. Մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը, որ ամենուն վրայ ու ամենուն հետ եւ ձեր ամենուն մէջն է։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:4-6 -
Շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1:2 -
Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2:5-8 -
Որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։ Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։ Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ.
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1:15-17 -
Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2:9 -
Եւ Տէրը ձեր սրտերը դէպի Աստուծոյ սիրոյն ու Քրիստոսին համբերութեանը ուղղէ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 3:5 -
Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը,
ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2:5 -
Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ.
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:9 -
Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։
ՏԻՏՈՍ 2:13 -
Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1:3 -
Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է.
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1:8 -
Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9:14 -
Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:8 -
Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝ Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 1:1-2 -
Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:3 -
Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։ Ու երեք են որ երկրի վրայ՝ ՝ կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:7-8 -
Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5:20 -
«Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան», կ’ըսէ Տէր [Աստուած], որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 1:8