Ամուսնություն և սեքս
-
Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։ Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան։
ԾՆՆԴՈՑ 2:21-24 -
1 Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ 25 Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։
ԾՆՆԴՈՑ 4:1, 25 -
Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար։ Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. «Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է.
ԾՆՆԴՈՑ 12:17-18 -
Աբրամին կինը Սարա չէր ծնաներ անոր ու Եգիպտացի աղախին մը ունէր, որուն անունը Հագար էր։ Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ահա հիմա Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ. ուրեմն աղախինիս մտիր, գուցէ անկէ զաւակ ստանամ»։ Աբրամ Սարային խօսքը մտիկ ըրաւ։ Աբրամին կինը Սարա իր Եգիպտացի աղախինը՝ Հագարը առաւ, Աբրամի Քանանի երկրին մէջ տասը տարի բնակելէն ետքը եւ զանիկա իր էրկանը Աբրամին տուաւ՝ անոր կին ըլլալու։
ԾՆՆԴՈՑ 16:1-3 -
Տէրը ըսաւ. «Գալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր. Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։ Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։
ԾՆՆԴՈՑ 18:10-12 -
Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։ Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։
ԾՆՆԴՈՑ 38:9-10 -
Շնութիւն մի՛ ըներ։
ԵԼԻՑ 20:14 -
Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
ԵԼԻՑ 20:17 -
8 Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։ 20 Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 18:8, 20 -
10 Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին։ 13 Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 20:10, 13 -
Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 21:7 -
Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։ Որբեւարի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին,
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 21:13-14 -
Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ
ԹՈՒՈՑ 5:29-30 -
«Եթէ մարդ մը կին առնէ ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ ու ըսէ. ‘Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ’. Այն ատեն աղջկան հայրն ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն եւ դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջեւ։ Աղջկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ. ‘Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի ու ատելով զանիկա, Ահա անոր վրայ զրպարտութիւն կ’ընէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկադ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը’։ Եւ լաթը քաղաքին ծերերուն առջեւ պիտի փռէ։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 22:13-17 -
Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 24:1 -
Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։
Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 12:24 -
Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 13:21 -
Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ Քու տունէդ ներս Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան Քու սեղանիդ չորս կողմը։
ՍԱՂՄՈՍ 128:3 -
Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս Եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։ Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն Ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ։
ԱՌԱԿԱՑ 5:18-19 -
Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։
ԱՌԱԿԱՑ 6:29 -
Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։ Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ։
ԱՌԱԿԱՑ 6:32 -
Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։
ԱՌԱԿԱՑ 18:22 -
Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։
ԱՌԱԿԱՑ 19:14 -
Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։
ԱՌԱԿԱՑ 21:9 -
Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 9:9 -
Քու բերանիդ համբոյրներովը համբուրէ զիս, Վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է։
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1:2 -
Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 2:6 -
5 Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։ 9 Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։ 10 Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Բոլոր խունկերէն։
ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 4:5,9,10 -
Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:1 -
‘Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ’, կ’ըսէ Տէրը։ Քանզի թէեւ ձեզ մերժեցի, Բայց՝ ՝ ձեզ պիտի առնեմ, ամէն մէկ քաղաքէ մէկ հոգի, Ամէն մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ։
ԵՐԵՄԵԱՅ 3:14 -
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու նախատինքդ տարածուեցաւ, Քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ Քու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ, Անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ, Անոր համար ահա ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ, Որոնց դուն հաճոյ եղար, Բոլոր անոնք, որ սիրեցիր ու բոլոր անոնք, որ ատեցիր. Զանոնք ամէն կողմէ քու վրադ պիտի հաւաքեմ, Քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ Եւ անոնք քու մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 16:36-37 -
Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։
ՈՎՍԵԱՅ 1:2 -
Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ Ու ես անոր այրը չեմ։ Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,
ՈՎՍԵԱՅ 2:2 -
Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’.
32 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’։
ՄԱՏԹԷՈՍ 5:31-32 -
Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ 6 Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:5-6 -
Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29 -
24 Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 30 Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։
ՄԱՏԹԷՈՍ 22:24, 30 -
Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի Ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։ Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։
ՄԱՐԿՈՍ 10:4-9 -
Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։
ՄԱՐԿՈՍ 10:12 -
Հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն
ՂՈԻԿԱՍ 2:36 -
«Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ,
ՂՈԻԿԱՍ 14:8 -
Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։
ՂՈԻԿԱՍ 17:27 -
Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կի՛ն, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:10-11 -
Վասն զի այր ունեցող կինը իր ողջ էրկանը կապուած է օրէնքով. բայց եթէ այրը մեռնի, արձակուած է էրկանը օրէնքէն։ Ուրեմն քանի որ այրը ողջ է, շուն պիտի կոչուի՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ. բայց եթէ այրը մեռնի, այն օրէնքէն ազատ կ’ըլլայ, այնպէս որ շնացող չըլլար՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7:2,3 -
It is reported commonly that there is fornication among you, and such fornication as is not so much as named among the Gentiles, that one should Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։ Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 5:1, 2 -
Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:9-10 -
Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։ Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:18-20 -
Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։ Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:1, 2 -
Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ Կինը իր մարմնին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չիշխեր, հապա՝ կինը։ Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:3-5 -
Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւարիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։ Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։ Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ. ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ (Իսկ եթէ զատուիլ ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:8-11 -
Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:14 -
Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։ Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։ Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:32-34 -
Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7:39 -
Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:14 -
Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։
ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:19-21 -
Բայց պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն,)
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:3 -
Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. Վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. Որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով. Որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ։ Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. Վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ Վասն զի մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն ու անոր ոսկորներէն։ Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով։ Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:22-33 -
Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է.
ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3:5 -
Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. Ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։
ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 4:3-5 -
3 Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար, 12 Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն
1 Timothy 3:2, 12 -
Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։
ՏԻՏՈՍ 1:6 -
Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:4 -
Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻr 3:7 -
Բայց քեզի դէմ բան մը՝ ՝ ունիմ, որ կը թուլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 2:20 -
Նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 9:21 -
Վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 19:2