Պնդումները
-
Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։
ԾՆՆԴՈՑ 13:17 -
Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։
ԾՆՆԴՈՑ 28:15 -
Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։
ԵԼԻՑ 23:20 -
Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։
ԵԼԻՑ 32:34 -
Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։
ԵԼԻՑ 33:14 -
Երկիրը պէտք չէ մշտնջենապէս ծախուի, վասն զի երկիրը իմս է ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։
ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 25:23 -
Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11:24 -
Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 28:6 -
Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22:20 -
Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
ՍԱՂՄՈՍ 2:8 -
Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի, Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
ՍԱՂՄՈՍ 105:13-15 -
Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
ՍԱՂՄՈՍ 107:6, 7 -
Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։ Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։ Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։
ՍԱՂՄՈՍ 107:28-30 -
Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
ՍԱՂՄՈՍ 121:8 -
Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ, Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
ՍԱՂՄՈՍ 139:9, 10 -
Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։
ԵՍԱՅԵԱՅ 30:21 -
Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:2, 3 -
Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարի Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի, Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ Քիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 11:16 -
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7 -
Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։
ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11:8