Դիմադրություն


  • Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն, Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 59:19
  • Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 10:1
  • Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
    ՄԱՏԹԷՈՍ 16:19
  • Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
    ՄԱՐԿՈՍ 8:33
  • Իր տասներկու աշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։
    ՂՈԻԿԱՍ 9:1
  • Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։
    ՂՈԻԿԱՍ 10:17
  • Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։
    ՂՈԻԿԱՍ 10:19
  • Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:4,5
  • Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:27
  • Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։ Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:10, 11
  • Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 5:8,9
  • Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3:8
  • Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4:4