Այլասերվածություն


  • Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
    ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 20:13
  • Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։ 19 Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։ Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։ Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։ Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։ Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։ Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու.
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18-28
  • Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:9-11
  • Որպէս զի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4:22-24
  • Բայց պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն,)
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:3
  • Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13:4