օրինականություններ
-
Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին, Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են՝ ՝։ Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։
Isaiah 40:15,17 -
Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։
26 Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 5:25-26 -
Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:18,19 -
Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէն»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ուրեմն որդիները ազատ են, Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 17:24-26 -
Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։ Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։ Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 22:17-21 -
Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։ Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։ Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար), Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։
ՂՈԻԿԱՍ 2:1-5 -
Ուստի Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար։ Անոր համար՝ ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 19:10,11 -
Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։ Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս. Վասն զի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։ Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կուտաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։ Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 13:1-7 -
Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ.
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 13:8 -
Վասն զի ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ու շատ հակառակորդներ կան։
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 16:9 -
Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։
13 Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, Թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 2:12-14