Բաժանում


  • Եւ Մասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։
    ԾՆՆԴՈՑ 31:49
  • Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ»։ Ու հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։
    Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 1:27, 28
  • Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
    PsaՍԱՂՄՈՍlms 23:4
  • Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։
    ՍԱՂՄՈՍ 27:10
  • Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 34:18
  • Սրտով կոտրածները կը բժշկէ Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։
    ՍԱՂՄՈՍ 147:3
  • Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել. Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն Իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ, Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։
    ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 8:7
  • Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 14:18
  • Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:18
  • Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք.
    ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1:4
  • Բայց ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։ Եւ իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 3:7,8
  • Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 4:13
  • Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք.
    ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10:36
  • Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը.
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 1:7