Ամբարտավանություն


  • Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք, Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։ Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուածն է Ու անիկա ամենուն գործը կը կշռէ։
    Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 2:3
  • Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Անոր այսպէս ըսէ՛ք. ‘Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի’»
    Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 20:11
  • Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
    ԱՌԱԿԱՑ 11:2
  • Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
    ԱՌԱԿԱՑ 13:10
  • Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, Բայց որբեւարիին սահմանը կը հաստատէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 15:25
  • Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան։
    ԱՌԱԿԱՑ 16:5
  • Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։
    ԱՌԱԿԱՑ 16:18
  • Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
    ԱՌԱԿԱՑ 16:25
  • Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։
    ԱՌԱԿԱՑ 18:12
  • Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։
    ԱՌԱԿԱՑ 22:4
  • Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։
    ԱՌԱԿԱՑ 29:23
  • Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց Ու այս բոլորը իմս են, կ’ըսէ Տէրը, Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ, Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին Ու իմ խօսքէս դողացողին։
    ԵՍԱՅԵԱՅ 66:2
  • Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։
    ՂՈԻԿԱՍ 14:11
  • Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:12
  • Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:22,23
  • Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։ Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր.
    ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2:3-5
  • Սակայն աւելի շնորհք կու տայ. անոր համար կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 4:6
  • Տէրոջը առջեւ խոնարհեցէ՛ք ու ան ձեզ պիտի բարձրացնէ։
    ՅԱԿՈԲՈՒ 4:10
  • Նմանապէս դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 5:5-7