Արատներ


  • Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։ Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չըլլար։
    ԱՌԱԿԱՑ 20:1
  • Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։
    ԱՌԱԿԱՑ 28:13
  • Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։
    ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 8:36
  • Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ Ուստի ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք։ Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:11-13
  • Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1,2
  • Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։
    ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:11,12
  • Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:9-11
  • Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:12
  • Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք.
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6:19
  • Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։
    ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10:13
  • Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։
    ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:21,23
  • Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք։
    ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5:18
  • Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։
    ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ
  • Որպէս զի ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմնի մէջ մնացած ատեն։ Վասն զի հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք։ Ու կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն, Որոնք պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները։ Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։ Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։
    ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 4:2-7
  • Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։
    ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1:8,9