Համարձակություն
-
Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ Եւ պիտի չամչնամ։
ՍԱՂՄՈՍ 119:46 -
Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։
ԱՌԱԿԱՑ 29:25 -
Ելի՛ր բարձր լերան վրայ, Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես, Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր, Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես. Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։
ԵՍԱՅԵԱՅ 40:9 -
Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 50:4 -
Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’, Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։
ԵՐԵՄԵԱՅ 1:7 -
Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 3:9 -
Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 5:14-16 -
Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։
ՄԱՐԿՈՍ 8:38 -
Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1:8 -
Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 4:13 -
Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 5:29 -
Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:16 -
Ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու. Որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։
Ephesians 6:19, 20 -
Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։
ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 2:4 -
Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ.
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1:8 -
Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։
ՏԻՏՈՍ 2:15 -
Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։
ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 2:12