Իմաստություն
-
Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 19:6 -
Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար. Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.
ՍԱՂՄՈՍ 5:8 -
Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։
ՍԱՂՄՈՍ 25:4,5 -
Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։
ՍԱՂՄՈՍ 25:9 -
Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։
ՍԱՂՄՈՍ 27:11 -
Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։
ՍԱՂՄՈՍ 32:8 -
Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։
ՍԱՂՄՈՍ 37:23 -
Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։
ՍԱՂՄՈՍ 73:24 -
Բաց իմ աչքերս, Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։
ՍԱՂՄՈՍ 119:18 -
Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։
ՍԱՂՄՈՍ 119:105 -
Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։
ՍԱՂՄՈՍ 119:130 -
Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
ՍԱՂՄՈՍ 143:8 -
Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։ Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս, Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
ՍԱՂՄՈՍ 143:10, 11 -
Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։
ԱՌԱԿԱՑ 1:5 -
Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս, Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
ԱՌԱԿԱՑ 2:3, 5, 6 -
Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։
ԱՌԱԿԱՑ 3:5,6 -
Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։
ԱՌԱԿԱՑ 6:22 -
Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։
ԱՌԱԿԱՑ 12:15 -
Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։
ԱՌԱԿԱՑ 16:1 -
Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։
ԱՌԱԿԱՑ 19:20 -
Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի, Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։
ԱՌԱԿԱՑ 20:18 -
Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։
ԱՌԱԿԱՑ 24:6 -
Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան։
ԱՌԱԿԱՑ 28:5 -
Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
ԵՍԱՅԵԱՅ 11:2, 3 -
Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:16 -
Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
ԵՍԱՅԵԱՅ 50:4 -
Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի պէս Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։
ԵՍԱՅԵԱՅ 58:11 -
Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։
Jeremiah 10:23 -
Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ, Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին. Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։
ԵՐԵՄԵԱՅ 31:9 -
Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։
ԴԱՆԻԷԼ 1:17 -
Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 7:24 -
Այս երրորդ անգամն է ձեզի կու գամ. երկու կամ երեք վկաներու բերնէ պիտի հաստատուի ամէն բան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13:1 -
Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։
ՅԱԿՈԲՈՒ 1:5 -
Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։
ՅԱԿՈԲՈՒ 3:17